2013-10-17 12:16:43

Հայաստան – Իտալիա` 2:2


Հայաստանի հաւաքականը աշխարհի ախոյեանութեան ընտրական մրցաշարքը աւարտեց 5-րդ տեղը: Վերջին խաղին Հայաստանը Նէափոլի մէջ հիւրընկալուեցաւ խումբի անվիճելի յառաջատար Իտալիոյ խումբին կողմէ եւ հանդիպումը աւարտեցաւ հաւասար` 2:2:
Մեկնարկային վայրկեաններուն Հայաստանի հաւաքականը ճնշում գործադրեց եւ երկու անգամ հարուածային դիրք դուրս եկաւ Եուրա Մովսիսեանը: Երկրորդ փորձին ան կրցաւ գրաւել Ֆետերիքօ Մարկետիի պաշտպանած դարպասը: Մովսիսեանը 5-րդ վայրկեանին հաշիւը բացաւ 1:0: 25-րդ վայրկեանին Ալեսանտրօյ Ֆլորենցին հաւասարեցուց հաշիւը:
Երկրորդ խաղակէսին իտալացիները դարձեալ դրութեան տէրն էին, սակայն առաջինը գնդակ դարձեալ Հայաստանինն էր: Անկիւնայինի խաղարկումէ ետք Հենրիկ Մխիթարեան 70-րդ վայրկեանին յաղթող դուրս եկաւ իտալացիներու պաշտպաններու հետ եւ գլխու հարուածով գրաւեց Մարկեթիի դարպասը: Հենրիկ Մխիթարեանը 12 կոլով դարձաւ Հայաստանի հաւաքականի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկուն:
Վեց վայրկեան անց Մարիօ Պալոթելին հաւասարեցուց հաշիւը:







All the contents on this site are copyrighted ©.